Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփի Գլխաւորած Խաղաղութեան Խորհուրդը Կազայի Վերականգնման 2,45 Միլիառ Տոլարի Ծրագիր Պիտի Յայտարարէ – Aztag Daily

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի գլխաւորած Խաղաղութեան խորհուրդը Կազայի վերականգնման 2,45 միլիառ տոլար արժողութեամբ ծրագիր մը պիտի յայտարարէ: Այս մասին հաղորդեց ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը` մէջբերելով փաստաթուղթ մը:

«Կազայի վերականգնման ծրագիրը կը ներառէ ժամանակաւոր բնակարաններ, փլատակներու վերացում, հիւանդանոցներու նորոգութիւն, տնտեսական աշխուժացում, ինչպէս նաեւ բազմազգեան ապահովական ուժերու տեղակայում», նշեց կայքը:

Մինչ այդ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, թէ իսրայէլեան բանակը օդային յարձակումով մը Կազայի հարաւը գտնուող Խան Եունեսի մէջ ահաբեկած է Համասի ելեւմտական հարցերու բաժանմունքի պետ Մահմուտ Ապու Ալուանը:

Leave a Comment