Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա, Մանչեսթըր Սիթի Եւ Տորթմունտ Ամբողջական Կէտեր Հաւաքած Են. Իտալիա` Բուռն Պայքար – Aztag Daily

Այս տարեշրջանի ՖԻՖԱ-ի առաջին դադարէն առաջ, Եւրոպայի 5 գլխաւոր լիկաներուն մէջ որոշ չափով պայքարող խումբերը կը յստականան:

Սպանիոյ մէջ 7 հանգրուաններ կատարուած են, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ` 5 հանգրուաններ, մինչ Գերմանիոյ մէջ 4 հանգրուաններ խաղցուած են դադարէն առաջ:

Անգլիոյ մէջ, Մանչեսթըր Սիթի իր 5 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած է, մինչ անցեալ տարուան ախոյեան Արսենալ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականի ալ հասած էր, լաւ վիճակի մէջ կը գտնուէր, բայց շաբաթավերջին 3-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրելէ ետք Պրայթընէն, նահանջեց Բ. դիրք: Պրայթըն կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, մինչ Պրենթֆորտ եւ Լիծ կ՛ամբողջացնեն առաջին հնգեակը: Պէտք է ըսել, որ Պրենթֆորտ, Լիծ, Լիվըրփուլ եւ Էվըրթըն 9-ական կէտեր ունին եւ վերին դիրքերուն համար կը պայքարին:

Թոթենհամ 2 կէտով կը գրաւէ վերջին դիրքը:

Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ իր առաջին 7 մրցումներն ալ յաղթած է` նշանակելով 31 կոլեր: Կոլ-սքորըրներու առաջին երկու դիրքերն ալ կը գրաւեն խմբապետ Ռաֆինիա (12 կոլ) եւ Լամին Եամալ (7 կոլ):

Ռէալ Մատրիտ կրեց այս տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը` Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ մայրաքաղաքի տերպիին: Այս մրցումէն ետք փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ խիստ ձեւով քննադատած էր օրուան իրաւարարը` որ դաշտէն վտարած էր Տին Հաուսընը:

Քիլիան Էմպափէ նշանակած է 7 կոլ, բայց Ռէալ Մատրիտ 4-րդ դիրքը կը գրաւէ 15 կէտերով` մէկ կէտով ետ մնալով Աթլեթիքօ Մատրիտէն եւ Պեթիսէն: Այս երկու խումբերն ալ Ռէալ Մատրիտին կրցան յաղթել այս ամիս:

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ն այս տարեշրջանին շատ հետաքրքրական կը թուի ըլլալ, ինչպէս կը խոստանայ առաջին 5 հանգրուաններէն ետք:

Ա. Էս. Ռոմա եւ Ինթեր Միլան իրենց 4 մրցումները յաղթելէ ետք, շաբաթ օր իրար դէմ մրցած էին Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ:

Առաջին կիսախաղին 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Ռոմա Բ. կիսախաղին 2 կոլ ստացաւ ախոյեան Ինթերին դէմ եւ մրցումը վերջ գտաւ հաւասարութեամբ:

Գ. դիրքը գրաւեց Լացիօ Ռոմա, որ Ինթերին եւ Ռոմային նման 13 կէտեր ունի:

Քալիարի (4-րդ), Ա. Սէ. Միլան, Ֆրոսինոնէ, Եուվենթուս եւ Քոմօ կը գրաւեն մինչեւ 8-րդ դիրքը: Քոմօ (10 կէտ) 3 կէտով ետ կը մնայ միայն պարագլուխի դիրքէն, եւ այդ պատճառով այս տարեշրջանը «տաք» կը թուի ըլլալ:

Ֆրանսայի մէջ Մոնաքօ 13 կէտ կրցած է ձեռք ձգել կարելի 15-էն եւ 2 կէտով կը գերազանցէ Լիոնն ու Փարիզ Ֆ. Ք. ակումբը: Կը սպասուէր, որ վերջին տարիներու ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն առնուազն առաջին 5 դիրքերէն մէկը գրաւէր, բայց ան այժմ 6-րդ դիրքը կը գրաւէ 8 կէտերով:

Մարսէյ կը գրաւէ 17-րդ եւ նախավերջին դիրքը:

Գերմանիոյ մէջ Պորուսիա Տորթմունտ իր 4 մրցումներն ալ յաղթած է եւ 2 կէտով կը գերազանցէ Պայերն Միւնիխն ու Ֆրայպուրկը:

1970-ականներու լաւագոյն խումբերէն Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ առանց կէտի կը գրաւէ վերջին դիրքը:

 

 

Leave a Comment