Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները Կարգաւորող Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում – Aztag Daily

Սոֆիայի մէջ 16 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Յակոբեանի եւ Թուրքիոյ Ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդի նախագահի տեղակալ Տենիզ Կիւլերի հանդիպումը: Այս մասին «Նիուզ»-ին յայտնած են Հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովէն:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին հեռարձակման ոլորտին մէջ առկայ զարգացումները եւ արդի մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ կարգաւորող մարմիններու գործունէութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կարգաւորող մարմիններուն միջեւ համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ ընդլայնման կարելիութիւններուն, որոնց կարգին` փորձառութեան եւ մասնագիտական գիտելիքներու փոխանակման, ոլորտային երկխօսութեան աշխուժացման եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ միջազգային եւ շրջանային հարթակներու վրայ համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը:

Կողմերը կարեւոր նկատեցին նման հանդիպումներու շարունակականութիւնը` ընդգծելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը հեռարձակման ոլորտի արդիւնաւէտ կարգաւորման եւ նոր մարտահրաւէրներուն համատեղ արձագանգելու տեսանկիւնէն:

Քննարկուեցաւ Համագործակցութեան յուշագիրի հաւանական ստորագրութիւնը, որուն նախագիծը արդէն մշակման փուլի մէջ է:

Leave a Comment