Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն – Aztag Daily

Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան եւ հիւպատոս Սեդրակ Սարգսեան այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ տեսակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արծիւ Տէր-Խաչատուրեանի եւ «Ազդակ»ի տնօրէն Շահան Գանտահարեանի հետ։

Ալպեր Պալապանեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ  ներկայացուց «Շաղզոյեան» կեդրոնի մէջ գործող կառոյցներն ու գրասենեակները։ Ապա, խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան տարածաշրջանային, լիբանանեան նորագոյն զարգացումներուն, Հայաստանի հանրապետութիւն-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններուն, շեշտելով արդէն իսկ կայացած միջ-պետական համաձայնութիւններու գործարկման անհրաժեշտութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւններուն եւ այդ շրջածիրին մէջ դիմագրաւուած  խնդիրներուն։

Դեսպան Պաղտասարեան իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, արժեւորեց համայնքի մէջ տարուող կուսակցութեան բազմաոլորտ աշխատանքները եւ շեշտեց ներկայ ձեւաչափերով  պարբերական խորհրդակցութիւններ ունենալու անհրաժեշտութիւնը։

 

Leave a Comment