Ըմբշամարտ. Հայաստանի Ըմբշամարտի Հաւաքականները Կը Մեկնին Ուզպեքիստան – Aztag Daily

Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականները մեկնեցան Ուզպեքիստան` ուսումնամարզական հաւաք կատարելու համար:

Ուսումնամարզական հաւաքին կը մասնակցին Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի (23 տարեկանէն վար) ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մեծերու հաւաքականի որոշ անդամներ:

Երիտասարդ ըմբիշները կը պատրաստուին 23 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Լաս Վեկասի մէջ 12-էն 18 հոկտեմբերին: Մեծերու հաւաքականի ներկայացուցիչները կը շարունակեն իրենց պատրաստութիւնները աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ասթանայի մէջ 24 հոկտեմբերէն 1 նոյեմբեր:

Նշենք, որ ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամները 3 ոսկիէ եւ 6 պրոնզէ մետալներ նուաճած էին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Ստեփան Սարգսեան»-ի անուան մրցաշարքին, որ տեղի ունեցած էր «Տինամօ» մարզահամալիրին մէջ:

Մանուէլ Խնձրցեան (57 քկ), Սարգիս Բեգոյեան (61 քկ) եւ Վազգէն Թեւանեան (70 քկ) դարձած են ոսկի մետալակիրներ:

 

Leave a Comment