Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն – Aztag Daily

Ակնկալելի էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերուն Դաշնակցութեան դէմ  հռետորական համազարկի ուժգնութիւնը ուղղուած ըլլար Պաքուին դէմ, նկատի ունենալով ամբողջ հայկական մշակոյթի մը նենգափոխման դիւանագիտական տարողութիւնը:

Գործող իշխանութիւնները ընդհանրապէս շրջանցեցին Պաքուի կողմէ Շուշիի թէ Գանձասարի մէջ բեմադրած խեղաթիւրումները եւ նախընտրեցին թիրախաւորել Դաշնակցութիւնը:

Ուժգին հակազդեցութիւն կը սպասուէր տակաւին ԹՐԻՓՓ-ի ելքն ու մուտքը Ազրպէյճանի դարպասներով պայմանաւորող պաշտօնական Պաքուի ներկայացուցիչներուն յոխորտանքներուն: Այդ ալ տեղի չունեցաւ եւ խնամքով անուշադրութեան մատնուեցաւ:

Գանձասարի մէջ տեղի ունեցած պատմութեան նենգափոխման բեմադրութիւնները, Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ պարզապէս նկատուեցան անպատշաճ խօսքեր, որոնք չեն նպաստեր այսօրուան գործընթացին:

Այս բոլորին փոխարէն վերագրումներու եւ ածականներու տարափ մը Դաշնակցութեան հասցէին, անոր պատմական գործունէութեան, ներկային, «հակաանկախական» ըլլալուն, «աղիտաբեր եւ հակամարտութիւն ծնող» ուժ ըլլալուն, որ «ախտահարած է» հայ քաղաքական միտքը:

Չներքաշուելով անհեթեթ եւ արուեստական վէճերու մէջ, իբրեւ փաստ պէտք է արձանագրել, որ` Արցախը Հայաստան է եւ վերջ, թէ բանակցութիւնները զերօ կէտին պէտք է վերադարձնել, յետոյ ալ Արցախը ընդունիլ իբրեւ Ազրպէյճանի մաս պարզապէս բաժին մըն են հակամարտութեան հրահրման եւ Ազրպէյճանի յարձակումներուն առիթ եւ հիմնաւորում տալու առումով:

Աղիտաբեր քաղաքականութեան արդիւնքներ եթէ կ՛ուզենք նկատել, ապա Արցախի շրջափակում, պատերազմ, սովամահութիւն, ցեղային զտում Արցախի Հանրապետութեան կորուստ, յիշելու համար ամէնէն ցցուն աղէտները, որոնք այսօրուան իշխանութիւններուն օրով իրականացան: Այս օրինակները կը տրուին, որովհետեւ Դաշնակցութեան հասցէին հնչած մեղադրանքները իբրեւ թէ կը հիմնուին առաջին հանրապետութեան ժամանակահատուածին տեղի ունեցածները հանրագումարի բերելով: Անտեսելով Դաշնակցութեան պետականակերտ, հայրենակերտ հանգամանք ունենալու փաստը: Ոչ թէ զերօ բանակցութիւններ այս պարագային, այլ զերոյէն անկախ հայրենիք կերտելու ճակատագրորոշ իրադարձութիւններու հեղինակը:

Հիմա գանք հայ քաղաքական մտքի «ախտահարման» ամբաստանութեան: Այստեղ իշխանութիւնները պէտք է ի վերջոյ դիրքորոշուին: Անոնց մէկ ներկայացուցիչը իր ուժը ժառանգորդ կը նկատէ Քաջազնունիներու, Վրացեաններու եւ Խատիսեաններու գաղափարախօսութեան, անշուշտ հակադրելու համար Դաշնակցութեան երէկն ու այսօրը եւ եզրակացնելու, որ այսօրուանները իբրեւ թէ հեռացած են երէկուաններու գաղափարախօսութենէն: Մինչ, ուրիշ մը «ախտահար» գործօն կը վերագրէ   դաշնակցական գաղափարախօսութեան, պատմութեան ամբողջ ընթացքին: Իրար հակասող յայտարարութիւններուն շարժառիթը անշուշտ Դաշնակցութիւնը հարուածելն է, սակայն ինքնահակասումը այստեղ անհեթեթ կը դարձնէ արշաւը:

Դաշնակցութիւնը արմատախիլ ընելու կոչը «ֆունտամենտալ նախապայման կը նկատուի: Հիմնական նախապայմանը հայութեան հետ առնչուած գործընթացները բնականոն հուն վերադարձնելու ազգային պետականութեան վերակերտումն է: Ահա այստեղ , որ Դաշնակցութիւնը «ֆունտամենտալ» դերակատարութիւն ունի:

«Ա.»

Leave a Comment