«Ֆորմիւլա 1». Անթոնելլի Անգամ Մը Եւս Յաղթական. «Անբախտ» Նորիս 3-րդ

Սպանիոյ կրան փրին առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Մատրիտի մէջ, ուր նոր շրջավազքը` «Մատրինկ» ականատես եղաւ մրցանշային կրան փրիի մը:

Երեք օրերու վրայ 353 հազար հանդիսատեսներ ընդունած շրջավազքը սկսաւ, երբ անցեալ տարուան աշխարհի ախոյեան Լանտօ Նորիս սկսաւ առաջին դիրքէն փոլ-փոզիշընը շահած ըլլալով: Ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանար մինչեւ 15-րդ շրջան, երբ «Ասթոն Մարթին»-ի վարորդի Լանս Սթրոլ արկած մը ունեցաւ:

Նորիսի չար բախտէն, ան հազիւ Փիթ-լէյնի մուտքը անցած էր, երբ պատահեցաւ արկածը, մինչ բոլոր վարորդները մտան իրենց անիւները փոխելու:

Ասկէ օգտուեցաւ 20 տարեկան իտալացի Քիմի Անտրէա Անթոնելլի, որ իր «Մերսետես»-ով կրցաւ առաջին դիրքի վրայ աւարտել մրցումը, մանաւանդ երբ «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լըքլեր չկրցաւ իր ինքնաշարժին անիւները պահել եւ մրցումի աւարտէն 9 շրջան առաջ ստիպուեցաւ անիւները փոխել` առիթ տալով իտալացի վարորդին, որ գրաւէ առաջին դիրքը, եւ ըստ երեւոյթին դժուար պիտի ըլլայ անոր հասնիլը, մանաւանդ որ 81 կէտերու առաւելութիւն ունեցաւ իր ամէնէն մօտ մրցակիցին վրայ:

4 անգամ աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափեն կրցաւ 2-րդ դիրքը գրաւել իր «Ռետ Պուլ»-ով, մինչ Նորիս աւարտեց 3-րդ դիրքին վրայ:

Անթոնելլի, որ շաբաթ մը առաջ Իտալիոյ մէջ 19-րդ դիրքէն սկսելով շահած էր, մրցումէն ետք ընդունեց, թէ Նորիս անբախտ էր, եւ ինք բախտի բերմամբ է, որ շահած էր այս կրան փրին:

«Ֆեռարի»-ի միւս վարորդը` Լուիս Համիլթըն, 7-րդ շրջանին ստիպուեցաւ կիսատ լքել կրան փրին, այս տարեշրջանին առաջին անգամ ձախողելով կէտեր շահիլ:

«Մերսետէս»-ի վարորդ Ճորճ Ռասըլ գրաւեց 5-րդ դիրքը եւ իր խմբակիցէն 81 կէտերով ետ կը մնայ ընդհանուր դասաւորման մէջ:

Ստորեւ` ընդհանուր դասաւորումը.

ԿԷՏ

1.- Քիմի Անթոնելլի (Իտալիա), «Մերսետես»

292

2.- Ճորճ Ռասըլ (Բրիտանիա), «Մերսետես»

211

3.- Լուիս Համիլթըն (Բրիտանիա), «Ֆեռարի»

191

4.- Լանտօ Նորիս (Բրիտանիա), «Մաքլարեն»

186

5.- Շարլ Լըքլեր (Մոնաքօ), «Ֆեռարի)»

167

6.- Մաքս Վերշթափեն (Նետերլանտներ), «Ռետ Պուլ»

145

7.- Օսքար Փիասթրի (Աւստրալիա), «Մաքլարեն»

120

8.- Իսաք Հաժժար (Ֆրանսա), «Ռետ Պուլ»

71

9.- Լիամ Լոսըն (Նոր Զելանտա), «Ռետ Պուլ»

59

10.- Փիեռ Կասլի (Ֆրանսա), «Ալփին»

41

Leave a Comment