Պասքեթպոլ. Միացեալ Նահանգները` Աշխարհի Ախոյեան

Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը դարձաւ աշխարհի ախոյեան` աւարտական մրցումին յաղթելէ ետք Ֆրանսային` 97-79 արդիւնքով:

Պերլինի (Գերմանիա) մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան աւարտականին, ամերիկացիք 36 յաջորդական մրցումներ յաղթեցին 2006-ի կիսաւարտականէն ի վեր, երբ կրած էին վերջին պարտութիւնը Ռուսիայէն:

Պրիանա Սթիւըրթ 22 կէտ նշանակեց` ընտրուելով լաւագոյն մարզիկ («Էմ. Վի. Փի.»):

5-րդ յաջորդական տիտղոսը այնքան ալ դիւրին չէր: Ֆրանսա կիսախաղէն առաջ 14 կէտերով կը յաղթէր, բայց Սթիւըրթ եւ Ճաքի Եանկ կողովներ նշանակելով մօտեցան եւ 2 կէտի նուազեցուցին կէտերու տարբերութիւնը մինչեւ կիսախաղ: Քէյթլըն Քլարք 3 կէտնոց կողով մըն ալ նշանակեց կիսախաղի պազըրին:

Միացեալ Նահանգներ տիրապետեցին 3-րդ մասի սկիզբէն եւ 11-2 յաջորդական կէտեր նշանակեցին: Սթիւըրթ, որ այժմ 4 անգամ ախոյեան դարձած է Միացեալ Նահանգներու հետ, 4 կէտ նշանակեց այդ ժամանակամիջոցին:

Ֆրանսա փորձեց փոխադարձել 55-51-ի նուազեցնելով կէտերու տարբերութիւնը, բայց Միացեալ Նահանգներ 16-3 արդիւնքով անգամ մը եւս հեռացաւ:

Պէտք է ըսել, որ Ֆրանսայի համար ալ շատ լաւ արդիւնք էր այս մէկը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր աւարտական մրցում:

Հիւրընկալ Գերմանիա իր կարգին կիսաւարտական հասած էր, բայց 3-րդ դիրքի մրցումին պարտութիւն կրած Սպանիայէն` 81-58 արդիւնքով:

Գերմանիոյ աղջկանց ազգային խումբը առաջին անգամ ըլլալով կը խաղար մետալի մրցումի մը:

 

 

Leave a Comment