Սուրիոյ Մէջ Վառելանիւթի Գիներու Աճին Պատճառով Զանգուածային Ցոյցեր

Սուրիոյ մէջ վառելանիւթի գիներու կտրուկ աճին պատճառով զանգուածային բողոքի ցոյցեր սկսած են: Այս մասին կը հաղորդեն սուրիական լրատուամիջոցները:

Ցոյցերը սկսած են 13 սեպտեմբերի առաւօտեան եւ շարունակուած են ամբողջ օրն ու գիշերը: Ցոյցեր տեղի ունեցած են Ռաքքայի, Հալէպի եւ Իտլիպի մէջ:

Երեկոյեան ցուցարարները, որոնք դժգոհ են վառելանիւթի գինին 40 առ հարիւրով աճէն, փակած են Սուրիոյ առանցքային «Էմ5» մայրուղին եւ սկսած անիւներ հրկիզել: Նշեալ մայրուղին իրար կը կապէ սուրիական երկու մեծ քաղաքներ` Հալէպն ու Համան:

Իշխանութիւնները հրշէջ մեքենաներ, զրահապատ մեքենաներ եւ ոստիկանական պարեկներ ուղարկած են Մաարաթ Նուհմանի գլխաւոր ճամբայ:

Տեղական լրատուամիջոցներու համաձայն, 95 օքթան պենզինը կիրակի օրուընէ կ՛արժէ 195 սուրիական լիրա (1,6 տոլար)` 152-ի (1,2 տոլար) փոխարէն, մազութը` 175 լիրա (1,43 տոլար)` 125-ի (1 տոլար) փոխարէն:

Սուրիոյ ուժանիւթի նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Ապտուլհամիտ Սիլիաթ ՍԱՆԱ պետական լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ վառելանիւթերու գիները բարձրացած են համաշխարհային շուկաներուն մէջ տիրող իրավիճակի եւ ներածման զգալի բաժինի պատճառով:

 

Leave a Comment