Թրքական կառավարական աղբիւր մը ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Թուրքիոյ կարծիքով` Ուքրանիոյ հակամարտութեան վերջ տալը միայն բանակցութիւններու ճամբով իրագործելի է»:
Ան նշած է. «Պոլիսը փաստած է երկխօսութեան հարթակ ըլլալու իր յարմարաւէտութիւնը, եւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններու այդտեղ շարունակումը կարելի ու յարմար է»:
Նախքան այդ, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը յայտարարած էր, թէ կը փափաքի, որ բանակցութիւնները Պոլսոյ մէջ գումարուին:
Նշենք, որ շրջանառութեան մէջ են այդ բանակցութիւններու Ապու Տապիի մէջ հիւրընկալման կարելիութեան մասին լուրեր: