Հիւսիսային Իրլանտայի, Կալեսի եւ Սկովտիոյ առաջին նախարարներ Միշէլ Օ՛Նիլը, Ռուն Ափ Եորվերթը եւ Ճոն Սուինին ստորագրած են փոխհասկացողութեան յուշագիր, որուն մէջ ամրագրուած է այդ շրջաններուն ինքնորոշման իրաւունքը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ փաստաթուղթը ստորագրուած է Քարտիֆի մէջ հանդիպումի ժամանակ:
«Սքայ Նիուզ»-ի կողմէ մէջբերուած փաստաթուղթի հատուածներուն համաձայն, ղեկավարները Բրիտանիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած են` պատրաստուելու, ծրագրելու եւ ապահովելու սահմանադրական փոփոխութիւններ իւրաքանչիւր իրաւասութեան մէջ, որպէսզի շրջանները կարելիութիւն ունենան կազմակերպելու Բրիտանիայէն դուրս գալու հանրաքուէներ:
Յուշագիրին մէջ կը նշուի, որ Հիւսիսային Իրլանտան, Կալեսը եւ Սկովտիան իրենց ապագան կը տեսնեն Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ: Անդրադառնալով նաեւ տնտեսական հարցերուն` կը նշուի, որ առաջին նախարարները մտադրուած են ուժեղացնել իրենց միջեւ համագործակցութիւնը:
Քարտիֆի վեհաժողովէն երկու օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Տապլինի մէջ Իրլանտայի վարչապետ Միխոլ Մարթինի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած էր, թէ պիտի ուզեր տեսնել հանրապետութեան միաւորումը Հիւսիսային Իրլանտայի հետ: Բրիտանիոյ վարչապետ Էնտի Պըռնհամը 27 օգոստոսին Պելֆաստ իր այցելութեան ժամանակ բացառած էր Հիւսիսային Իրլանտայի` Իրլանտայի Հանրապետութեան հետ միաւորելու հանրաքուէի կատարումը:
«Էռ.Թէ.Է» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններով` Օ՛նիլը, Ափ Եորվերթը եւ Սուինին հանդիպումին մասնակցած են ոչ թէ իբրեւ Հիւսիսային Իրլանտայի, Կալեսի եւ Սկովտիոյ առաջին նախարարներ, այլ համապատասխանաբար իբրեւ «Շինն Ֆէյն» ազգային-հանրապետական կուսակցութեան, ձախ ազգայնական Կալեսի կուսակցութեան եւ Սկովտիական ազգային կուսակցութեան ներկայացուցիչներ:
Նախապէս Օլսթերի առաջին փոխնախարար Էմմա Լիթլ-Փենկելին յայտարարած էր, որ Օ՛Նիլը լիազօրութիւն չունի` իբրեւ շրջանի ղեկավար առանց լիազօրութեան որեւէ փաստաթուղթ ստորագրելու: Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ իշխանութեան համակարգը` համաձայն Պելֆասթի համաձայնագիրին, կառուցուած է այնպէս, որ կարեւոր որոշումներու որդեգրման համար անհրաժեշտ է թէ՛ առաջին նախարարի, թէ՛ ալ անոր տեղակալի աջակցութիւնը, որոնք կը ներկայացնեն տարբեր ազգային-կրօնական համայնքներ` կաթողիկէ-հանրապետականները եւ բողոքական-միութենականները: