Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, թէ Արաբական ծոցի երկիրներու հետ երէկ Օմանի Սալալա քաղաքին մէջ նախատեսուած հանդիպումը չեղեալ նկատուած է Սէուտական Արաբիոյ խնդրանքով` Եմէնի մէջ տիրող լարուածութեան պատճառով:

«Այո՛, ատիկա ճիշդ է: Հանդիպումը յետաձգուած է Սէուտական Արաբիոյ խնդրանքով: Ատիկա կապուած է այն ամէնի հետ, ինչ որ այժմ տեղի կ՛ունենայ անոնց եւ Եմէնի միջեւ», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Պաղայի:

Անոր համաձայն, հանդիպումի ընթացքին, բացի շրջանային հարցերէն, պիտի քննարկուէին Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտրական նաւարկման անվտանգ երթուղիներու որոշման շուրջ իրանական-օմանեան բանակցութիւններու արդիւնքները:

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսահիտի կիրակի գիշեր յայտարարեց, թէ Սալալայի մէջ ժողովը այլ թուականի յետաձգուած է` պատրաստելու համար պայմանները երկխօսութեան մը, որ շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան նպաստող փոխըմբռնումներու կը յանգի:

Պուսահիտի ըսաւ, թէ յետաձգման որոշումը տրուած է ստեղծելու համար կառուցողական երկխօսութեան համար համապատասխան պայմաններ, որոնք պիտի նպաստեն ձեռք բերելու փոխըմբռնումներ, որոնք պիտի աջակցին շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան եւ բաւարարեն անոր ժողովուրդներուն համագործակցութեան ու խաղաղութեան ձգտումները:

11 սեպտեմբերին, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի հաստատած էր այդ հանդիպումին իրանեան կողմի մասնակցութիւնը:

Օմանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ ալ յայտարարեց, թէ Հորմուզի նեղուցը պիտի վերաբացուի, եւ հաւանական է, որ նեղուցին մէջ խափանումները, հաւանաբար, կարճատեւ ըլլան:

Ան աւելցուց, որ իրավիճակը պէտք է կայունանայ միջնաժամկէտ հեռանկարի մէջ` նշելով, որ անհրաժեշտ է բազմազան դարձնել ելքի կէտերը եւ բացայայտել արտածման այլընտրանքային տարբերակներ` ըլլայ այդ Օմանի, թէ Եմէնի միջոցով:

Պուսահիտի նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ Օմանը տակաւին կը կարողանայ շարունակել քարիւղի եւ կազի արտադրումը:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը երէկ յայտարարեց, թէ վար առած է Հորմուզի նեղուցին վերեւ թռիչք կատարող ամերիկեան «Էմ. Քիու1» տիպի անօդաչու թռչող սարք մը:

«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ վերադառնալ հիւլէական ծրագիրի քննարկման:

Ըստ պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի պաշտօնատարները Արաբական ծոցի երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ անձնական զրոյցներու ընթացքին յայտնած են, որ Ուաշինկթըն պիտի ցանկար որեւէ ապագայ բանակցութիւններու կիզակէտը տեղափոխել Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին` Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկութեան վերականգնման փոխարէն:

Իրանի ներկայացուցիչները իրենց կարգին շրջանային դերակատարներուն հասկցուցած են, որ Թեհրանը դրական տրամադրուած պիտի ըլլայ հիւլէական ծրագիրի քննարկման համար միայն Հորմուզի նեղուցի հարցի կարգաւորումէն, ներառեալ Իրանի նաւահանգիստներուն դէմ ամերիկեան շրջափակման վերացումէն ետք:

Իրանի Պարսից ծոցի վերահսկողութեան վարչութիւնը հրապարակած է ցանկ մը 77 նաւերու, որոնք խախտած են Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման կանոնները եւ այժմ պիտի բախին հետեւանքներու` մինչեւ կրկնակի անցման փորձի պարագային նաւի գրաւման:

«Նաւերը, որոնք կը խախտեն Հորմուզի նեղուցին մէջ իրանեան նաւագնացութեան արձանագրութիւնները, պիտի բախին հետագայ անցումներու սահմանափակումներու, ներառեալ տուգանքներու, ձերբակալութեան կամ գրաւման», կը նշուի գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ:

Վարչութիւնը նաեւ Արաբական ծոցի շրջանին մէջ փոխադրումներ կատարող բոլոր բեռնատէրերուն կոչ ուղղած է` հետագայ խնդիրներէն խուսափելու համար ստուգել ցանկը:

Իրանի Պարսից ծոցի վերահսկողութեան վարչութիւնը զգուշացուցած է, որ ցանկին վրայ ընդգրկուած նաւերուն հետ նաւահանգիստէ- նաւահանգիստ փոխբեռնման կամ վերաբեռնման միջոցով համագործակցող որեւէ նաւ ցանկին վրայ պիտի աւելցուի:

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ղեկավար Ռաֆայէլ Կրոսի յայտնեց, որ գործակալութիւնը դարձեալ իր ձեռքը կ՛երկարէ Իրանին` հրաւիրելով միացեալ աշխատանքի` հիւլէական ծրագիրին վերաբերող հարցերը պարզաբանելու համար:

«Առանց գործակալութեան հետ երկխօսութեան վերսկսման` Իրանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ չեն կրնար ըլլալ ո՛չ կանխատեսելիութիւն, ո՛չ երաշխիքներ, ո՛չ ալ վստահութիւն: Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը յարգանքով պիտի վերաբերի անվտանգութեան ոլորտին մէջ Իրանի մտահոգութիւններուն եւ հաշուի պիտի առնէ այն դժուարութիւնները, որոնց այդ բնագաւառին մէջ կը բախի երկիրը», նշեց Կրոսի:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ երաշխիքներու եւ իրանեան հիւլէական ծրագիրի բացառապէս խաղաղ բնոյթի հաստատման ուղղութեամբ աշխատանքը պէտք է շարունակուի:

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ղեկավարը յայտարարած է, թէ այս հարցի կարգաւորման հեռանկարներուն նկատմամբ յամառօրէն լաւատես է:

 

Leave a Comment