Մշակութային ժառանգութեան պահպանումն ու անոր աջակցիլը ոչ միայն խաղաղութեան հոլովոյթներու կարեւոր մասն են, այլ նաեւ էական արժէք են Եւրոպական Միութեան համար: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոն, որ 14 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանի ուղեկցութեամբ այցելած էր Մատենադարան Մ. Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկ:
«Ուրախ եմ, որ այսօր կարելիութիւն ունեցայ այցելել Մատենադարան եւ տեսնել հայկական հնագոյն հրաշալի հաւաքածոները: Ես տեսայ այդ ժառանգութեան իսկական գեղեցկութիւնն ու խորհուրդը եւ խորապէս տպաւորուած եմ: Շատ շնորհակալ եմ ընդունող կողմին այս կարելիութիւնը ընձեռելու համար եւ համոզուած եմ, որ մշակութային ժառանգութեան պահպանումն ու ատոր աջակցիլը ոչ միայն խաղաղութեան գործընթացներու կարեւոր մասն են, այլ նաեւ էական արժէք են Եւրոպական Միութեան համար», շեշտեց Մակտալենա Կրոնօ:
Կրոնօ նախապէս այցելած է բռնագրաւուած Արցախ, որմէ ետք ընկերային ցանցերու վրայ գրառում կատարած` նշելով` «որոշ վայրերու ծագման վերաբերեալ խորապէս տարբերող տեսակէտներ ու պատմութիւններ կան»` չյստակացնելով, սակայն, թէ ի՛նչ նկատի ունի: Այդ գրառումը Հայաստանի մէջ քննադատութիւններու առիթ հանդիսացած էր:
«Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հարցումին, թէ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ իր այդ գրառումը, Կրոնօ պատասխանեց. «Ես, անշուշտ, չեմ վիճարկեր Ղարաբաղի` նախապէս հակամարտութենէն տուժած շրջաններուն մէջ անցեալին հայկական ներկայութիւնն ու հարուստ հետքը: Անցեալ շաբաթ Քելբաջարի (այցելած է Դադիվանք, «Ա.») եւ Աղտարայի (այցելած է Գանձասար, «Ա.») շրջաններ կատարած այցելութեան ընթացքին առաջին անգամ կարելիութիւն ունեցայ անձամբ համոզուելու ատով: Ուրախ էի նաեւ այսօր կրկին այցելելու Երեւանի Մատենադարան: Այս ժառանգութիւնը պէտք է պահպանել եւ արժեւորել` զերծ մնալով չհիմնաւորուած քաղաքականացումէն եւ շահարկումներէն»: