ՄԱՀԱԶԴ
Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութիւնը կը գուժէ
ՏՈՔԹ. ԱՐԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 12 սեպտեմբեր 2026-ին:
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Շողիկ Թերզեան-Կիրակոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Սեդա Թերզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Սալբի Գլըճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Դանիա Թերզեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Մինաս Թերզեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Կարապետ Թերզեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ Բարսեղեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Վարուժ Բարսեղեան եւ ընտանիք
Օրիորդ Ալիս Բարսեղեան
Թերզեան եւ Կիրակոսեան ընտանիքներ
Գլըճեան եւ Աւագեան ընտանիքներ
Տէմիրճեան եւ Բարսեղեան ընտանիքներ
Մխիթարեան եւ Գապաքեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, քրոջ եւ հարազատին`
ԺԱՔԼԻՆ ԹԵՐԶԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2026-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երեքշաբթի, 15 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` կը խնդրուի նուիրատուութիւնները կատարել ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղին:
————————————–
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆՈՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 2026-2027 ուսումնակրթական տարեշրջանի նոր աշակերտներու արձանագրութիւնները սկսած են:
Դպրեվանք կ՛ընդունուին նախակրթարանի 6-րդ դասարանը աւարտած աշակերտներէն սկսեալ մինչեւ վերի կարգերու աշակերտներ:
Դպրեվանք յաճախել փափաքողները տեսչութեան հետ կրնան կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն` +961 71 752259 կամ +961 71 912832:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
————————————–
2026-2027 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
– Հին եւ Նոր աշակերտներու արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր ժամը 8:30-12:30:
– Վերաքննութիւններ.– Երեքշաբթի, 8 եւ չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբերին:
– ՎԵՐԱՄՈՒՏ.–
Թ. եւ ԺԲ. դասարաններ 16 սեպտեմբեր
Ա.- ԺԱ. դասարաններ` 23 սեպտեմբեր
Մանկապարտէզ` 1 հոկտեմբեր
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————–
Ասեղնագործութեան Անվճար Դասընթացք
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մեր նախնիներուն սուրբ եւ տոհմիկ աւանդութիւնները պահելու համար եւ զանոնք նորահաս սերունդին փոխանցելու մտադրութեամբ, հայկական ասեղնագործութեան իւրայատուկ դրսեւորումներէն` Մարաշի ասեղնագործութեան անվճար դասընթացք մը պիտի կայանայ միութեան տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպութեամբ: Ձեռագործը ուսուցանողն է տիկին Տիգրանուհի Ճինպաշեանը:
Դասընթացքը պիտի սկսի 6 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ, միութեանս «Գերմանիկ» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 6:00-էն 7:00` մէկ ամսուան տեւողութեամբ:
Փափաքող կիները կրնան կապ հաստատել միութեան գրասենեակին հետ, ամէն օր բացի շաբաթ օրերէն, հեռաձայնելով կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն 5:00, հետեւեալ թիւին` 01-269937, կամ տիկնանց միութեան անդամուհիներուն` 70-165973, 70-493270:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

