Չինաստանը պատրաստ է ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրներուն հետ իր ներդրումը ունենալու Միջին Արեւելքի եւ Արաբական ծոցի շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ: Այս մասին ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովի ընթացքին յայտարարած է Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ:
Չինաստանի ղեկավարը ընդգծած է նաեւ, որ կազմակերպութիւնը պէտք է յառաջատար դեր ստանձնէ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին մէջ:
Ան ՊՐԻՔՍ-ի անդամ պետութիւններուն կոչ ուղղած է հետեւելու միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ժողովրդավարացման միտումին, նպաստելու համաշխարհային կառավարման աւելի արդար եւ իրաւահաւասար համակարգի կառուցման եւ պաշտպանելու ՄԱԿ-ի հեղինակութիւնը: