Ռուսիան Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին զինուորական յատուկ գործողութիւնը պիտի չդադրեցնէ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը աւելցուցած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին Մոսկուա հրաւիրելը Ռուսիոյ կողմէ բարի կամեցողութեան դրսեւորման հսկայական ժեստ է:
Մինչ այդ, Զելենքսի յայտարարած էր, որ պատրաստ է Մայամիի մէջ «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովի ընթացքին հանդիպելու Փութինի հետ, եթէ Փութինը եւս Մայամի մեկնի:
Սակայն Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած էր, որ եթէ Զելենսքի իսկապէս կ՛ուզէ Փութինի հետ հանդիպիլ, ան կրնայ Մոսկուա գալ. հրաւէրը տակաւին ուժի մէջ է: