Մոտի. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Բարեփոխումը Անյետաձգելի Դարձած Է»

Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովի ընթացքին յայտարարած էե որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բարեփոխումը այլեւս չի կրնար յետաձգուիլ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով «Տը Նիու Ինտիըն Էքսփրես»-ը:

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բարեփոխման նիւթով բանակցութիւններու ծիրին մէջ անհրաժեշտ է սահմանել յստակ ժամանակացոյց ու ձգտիլ որոշակի արդիւնքներու», աւելցուցած է Մոտին:

ՊՐԻՔՍ-ի 18-րդ վեհաժողովը  տեղի ունեցաւ 12-13 սեպտեմբերին Նիւ Տելհիի «Պհարաթ Մանտափամ» համալիրին մէջ:

 

 

Leave a Comment