Սկովտիոյ, Հիւսիսային Իրլանտայի եւ Կալեսի ղեկավարները այսօր պիտի գումարեն ժողով մը` ստորագրելու համար Բրիտանիոյ մասնատման հոլովոյթը սկսելու համաձայնութիւն մը: Այս մասին հաղորդեց բրիտանական «Թելեկրաֆ» օրաթերթը:
Արտակարգ ժողովը պիտի գումարուի Քարտիֆի մէջ, ուր երեք կառավարութիւններուն ղեկավարները պիտի ստորագրեն անկախութեան շուրջ հանրաքուէի կայացման իրաւունք պահանջող միացեալ յայտարարութիւն մը:
Բրիտանիոյ վարչապետ Էնտի Պըռնհամ բրիտանական խորհրդարանին մէջ յայտարարած էր, թէ Սկովտիոյ մէջ նոր հանրաքուէի մը համաձայն պիտի գտնուի, եթէ ատոր զօրակցող «յստակ միաձայնութիւն» ապահովուի:
Ժողովը կը գումարուի երկու օր ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն յայտարարութենէն, թէ «բուռն կերպով կ՛ուզէ» միացեալ Իրլանտա մը տեսնել:
Թրամփ շաբաթ օր Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլին իր այցելութեան ընթացքին ըսաւ, որ Հիւսիսային Իրլանտային Իրլանտայի հանրապետութեան միանալը «հոյակապ պիտի ըլլայ»:
«Ատիկա ինչպէ՞ս կրնայ վատ բան մը ըլլալ», հարց տուաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը: