Իսրայէլացի պաշտօնատար մը եւ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Իսրայէլ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ Բրիտանիոյ հիւպատոսարանին յայտնած է, որ պէտք է փակուի, եւ այդտեղ գործող դիւանագէտները 30 օրէն պիտի կորսնցնեն իրենց հաւատարմագիրները:
Լաւատեղեակ աղբիւրը լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իսրայէլի մէջ Կազայի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած համակարգումի առաքելութեան մաս կազմող բրիտանացիները, ինչպէս նաեւ Ռամալլա բնակող բրիտանացի դիւանագէտները պէտք է եօթը օրէն հեռանան:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան բնակեցման վայրերուն դէմ հաստատուած բրիտանական պատժամիջոցներուն իբրեւ հակադարձութիւն, Բրիտանիան պէտք է փակէ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ իր հիւպատոսարանը, որ հաւատարմագրուած է Պաղեստինեան իշխանութեան մօտ:
Նշենք, որ Ֆրանսան եւ Քանատան Բրիտանիոյ կողքին որոշեցին իսրայէլեան բնակեցման վայրերու արտադրութիւններու ներածումը արգիլել:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ եւ արեւմուտքցի դիւանագէտներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դէմ չէ եղած բռնագրաւուած Այսրյորդանանի մէջ բնակեցման վայրերու կառուցման որոշումին հակադարձելով իսրայէլեան գոյացութիւններու դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու Բրիտանիոյ ղեկավարած նախաձեռնութեան:
Երկու լաւատեղեակ աղբիւրներ ամերիկեան կայքին յայտնած են, որ Թրամփ Բրիտանիոյ վարչապետ Անտի Պըրնհամի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին այդ ծրագիրին դէմ չէ եղած:
Աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին նշած են, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներ իրենց բրիտանացի պաշտօնակիցներուն փոխանցած են, թէ կը բաժնեն Իսրայէլի աջակողմեան կառավարութեան վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Այսրյորդանանի մէջ քաղաքականութեան նկատմամբ իրենց մտավախութիւնները, թէկուզ եւ ճշդուած պատժամիջոցներուն վերաբերեալ տարակարծիք են: