Մասթանթունօ Կը Բարելաւէ Մեսսիի Մրցանիշը

Ռէալ Մատրիտ ակումբի ծայրի յառաջապահ Ֆրանքօ Մասթանթունօ, որ փոխ տրուած է Ֆիորենթինային, բարելաւեց Լիոնել Մեսսիի մրցանիշը` դառնալով ամէն երիտասարդ ֆութպոլիստը, որ հեթ-թրիք կը նշանակէ Եւրոպայի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններուն մէջ:

Ֆիորենթինա 4-2 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Վենեցիային, եւ Մասթանթունօ 19 տարեկան 28 օրեր ունենալով 231 օր աւելի երիտասարդ է Մեսսիէն, որ 2007-ին հեթ-թրիք նշանակած էր Ռէալ Մատրիտի դէմ, Պարսելոնայի մարզիկ եղած իր օրերուն:

Շատ կարեւոր էին Մասթանթունոյի կոլերը` Ֆիորենթինոյի համար, որ իր առաջին կէտերը կրցաւ շահիլ 4 մրցումներէ ետք:

Նախապէս 1 կոլ նշանակած (իր 3 մրցումներուն) Ֆիորենթինա ինք էր, որ ստացաւ առաջին կոլը, բայց արժանթինցի յառաջապահը կրցաւ 2 յաջորդական կոլ նշանակելով 2-1 արդիւնքով կիսախաղը աւարտել: Բ. կիսախաղին Փելեկրինօ եւ Մասթանթունօ 2 կոլ եւս նշանակեցին, եւ Վենեցիան իր 4-րդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց:

 

Leave a Comment