Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Պիտի Աւարտի Քոնկրեսի Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Իրանի հետ պատերազմը պիտի աւարտի Միացեալ Նահանգներու մէջ միջանկեալ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք: Ան այս մասին յայտնեց «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Թրամփ ըսաւ, որ Թեհրան դժուարութեամբ կը շարունակէ կռուիլ եւ «խոր ճգնաժամ» կը դիմագրաւէ: Անոր համաձայն, իրանեան հրթիռային կարողութիւնները մեծ մասամբ քանդուեցան, ինչ որ յաւելեալ հրթիռներու արտադրութիւնը շատ դժուարացուց, սակայն ընդունեց, որ Իրան տակաւին կարող է կարգ մը հրթիռներ արձակել:

Ան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ վերջ տուած են Իրանի հիւլէական կարողութիւններուն` շեշտելով, որ Թեհրան հիւլէական զէնք չունի: Ըստ անոր, հիւլէական զէնք ունենալը Իսրայէլի, Միջին Արեւելքի եւ ամերիկեան քաղաքներու համար վտանգ պիտի ներկայացնէ:

Թրամփ իրանցիները մեղադրեց զինք իշխանութենէն հեռացնել փորձելու յանցանքով` մեկնելով անոնց կարծիքէն, թէ դեմոկրատականները իրենց պիտի արտօնեն հիւլէական զէնք ունենալ:

Ան նշեց, որ ինք «Պի-2» ռազմավարական ռմբաձիգները օգտագործած է Թեհրանին այդ մէկը իրագործել արգիլելու համար, ինչպէս նաեւ վերջ տուած է անոր հետ հիւլէական համաձայնութեան:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը, յղում կատարելով աղբիւրներու, հաղորդեց, թէ Արաբական ծոցի երկիրներու եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները կը ծրագրեն 14 սեպտեմբերին հանդիպիլ օմանեան Սալալա քաղաքին մէջ` Հորմուզի նեղուցով նաւարկման ժամանակաւոր կարգաւորման մասին գործարքը քննարկելու համար:

Բրիտանական օրաթերթին տուեալներով, հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Օմանի եւ Իրանի ջանքերու ծիրին մէջ` ստանալու աջակցութիւն նեղուցէն նաւարկման ժամանակաւոր կարգաւորման մասին համաձայնագիրին` նպատակ ունենալով նուազեցնել նեղուցին մէջ լարուածութիւնը եւ վերականգնել անոր մէջ նաւարկումը:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Օմանի նախաձեռնած բանակցութիւնները պիտի դառնան Արաբական ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի վեց անդամ երկիրներու եւ Իրանի բարձրաստիճան դիւանագէտներու 28 փետրուարին Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի պատերազմի սկիզբէն ի վեր առաջին հանդիպումը:

Աղբիւրներէն մէկուն համաձայն, մանրամասնութիւնները տակաւին չեն համաձայնեցուած, սակայն շարք մը պետութիւններ արդէն հաստատած են հանդիպման իրենց մասնակցութիւնը:

Leave a Comment