Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Մերժած Է Հուսիներուն Ամերիկեան Հարուածներ Հասցնելու Պըն Սալման Իշխանի Խնդրանքը

Ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը հինգշաբթի օր հեռաձայնային երկու հաղորդակցութիւններ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ կոչ ուղղած` հուսիներուն հարուածելու:

Ամերիկեան կայքը կը նշէ, որ Թրամփ մերժած է խնդրանքը:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ ըսած են, թէ ամերիկեան վարչակազմը ներկայիս մտադիր չէ հուսիներուն դէմ զինուորական ուղղակի քայլեր որդեգրել:

Leave a Comment