Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը առ այն, որ Իրանի դէմ պատերազմը կ՛աւարտի նոյեմբերեան միջանկեալ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, իր բացարձակին մէջ կրնայ չընկալուիլ:
Նախ շատ պարզ այն պատճառով, որ յայտարարողը կը յատկանշուի իրար հակասող յայտարարութիւններ կատարելու ընդունակութեամբ, այն ալ շատ կարճատեւ ժամանակի տարբերութեամբ: Հետեւաբար չի բացառուիր, որ առանց յիշելու այս յայտարարութիւնը, նախագահը յանկարծակի յայտարարէ, արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով, պատերազմը աւարտած ըլլալու մասին:
Բայց պահ մը ընդունինք յայտարարութեան իրականութեան համապատասխանելիութիւնը: Նման դիրքորոշումով Թրամփ ընդունած կ՛ըլլայ, որ պատերազմը կը շարունակուի, հետեւաբար Իրան կը շարունակէ դիմադրել: Քաղաքական տրամաբանութեամբ, հաւանական համաձայնութիւն մը, թէկուզ ժամանակաւոր, պէտք է կայանար նոյեմբերի նախաշեմին, ինչ որ իր հերթին վառելանիւթի գիներու նուազեցման պիտի նպաստէր: Այդ երեւոյթը, իր հերթին, ամերիկեան ընտրազանգուածի դիրքորոշումին վրայ պիտի ազդէր` նկատի ունենալով դարձեալ նոյեմբերեան ընտրութիւնները:
Հիմա կ՛ըսուի, որ աւարտը նոյեմբերեան իրադարձութենէն ետք է: Թէ` նման ժամկէտ մը ի՞նչ տեսակի ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ամերիկեան ընտրազանգուածին վրայ, տարակուսելի է: Այդուհանդերձ, գէթ ներկայ պահու դրութեամբ եւ յայտարարութեան թէականութիւնը նկատի ունենալով, կարելի է մտածել, որ պատերազմական գործողութիւնները պիտի չդադրին առ այժմ:
Միայն ամերիկեան կողմէն պէտք չէ փորձել մեկնաբանել եւ հաստատել կամ չհաստատել գործընթացի հաւանականութիւնը: Իրան եւս գիտակից է, որ Ուաշինկթընի առաջադրածը նոյեմբերէն առաջ պատերազմի աւարտը յայտարարել է եւ ատով իսկ ընտրազանգուածը շահիլը: Հետեւաբար խաղի կանոնները միակողմանի չճշդելու մօտեցումը պիտի ըլլայ երկարաձգել համաձայնութեան կայացումը: Ուրեմն, շարունակել դիմադրել: Նոյեմբերին, եթէ դեմոկրատականները առաւելութիւն ձեռք բերեն, պիտի ճնշեն, որ ռազմական գործողութիւնները դադրին, ըստ անշուշտ իրենց հրապարակումներուն եւ փոխանցած ուղերձներուն: Եթէ Թրամփ պահպանէ մեծամասնական ուժը, ապա ինք եւս կը յայտարարէ հիմա, որ նոյեմբերէն անմիջապէս ետք պիտի դադրի պատերազմը: Մինչեւ նոյեմբեր ուրեմն, պիտի սաստկանան ճակատները:
Հետաքրքրական է, որ այս թէժացումին միացած են եմէնեան եւ լիբանանեան ճակատները: Եթէ մէկ կողմէ հուսիները կը գրաւեն եմէնեան նաւահանգիստ ունեցող, հետեւաբար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող քաղաք, միւս կողմէ իսրայէլեան ուժեր Ալի Թահերը ոչնչացնելու իրենց խոստումը կ՛առարկայացնեն եւ աննախադէպ պայթումներ կ՛իրականացնեն հարաւային Լիբանանի մէջ, կը սաստկացնեն Նապաթիէ քաղաքին վրայ իրենց յարձակումները եւ կը յայտարարեն ապահովական գօտի կայացնելու իրենց առաջադրանքի գործադրութեան մասին:
Դիտարժան է Ուաշինկթընի մերժումը Սէուտական Արաբիոյ դիմումին` հուսիներուն դէմ յարձակումներ ձեռնարկելու: Մերժումը տակաւին բաւարար չէ հետեւցնելու համար, որ տարածաշրջանային միւս ճակատներու բռնկում չեն հետապնդեր Միացեալ Նահանգները:
Եթէ Ուաշինկթըն ուղղակի ընտրական ժամկէտի յարաբերակցութեամբ կը պայմանաւորէ պատերազմի աւարտը, ապա Իսրայէլ առանց ընտրութիւններուն անդրադառնալու իր վարչապետին երդում ընել կու տայ բացառելու, որ Իրան երբեք պիտի չտիրանայ հիւլէական զէնքի:
Յստակ է յայտարարութեան ներքին լսարանին ուղղուած ըլլալը: Ի վերջոյ դիմափրկութեան գործին լծուած է Իսրայէլի վարչապետը, այս բոլորէն ետք իր երկրին համար առաւելներ ապահոված եւ անվտանգութեան գօտին ձեւաւորած ըլլալու փաստերով:
Թէ՛ Ուաշինկթընէն եւ թէ՛ Թել Աւիւէն հնչող յայտարարութիւնները ուրեմն, ընտրարշաւային բնոյթ ունին եւ ուղղուած են ներքին լսարաններուն, ընտրազանգուածներուն: Անոնց հաւաստիութիւնը ուրեմն պէտք է չափել ոչ թէ ռազմական-քաղաքական միաւորներով, այլ ստանալիք-կորսնցնելիք քուէներով:
«Ա.»