«Ազդակ»-ի 90-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 10 սեպտեմբեր 2026-ին, Պէյրութի ժամով 19:00-ին: «Լոս Անճըլըս-Պէյրութ-Արցախ-սփիւռքի ուղեգիծ» թեմային մասին դասախօսեց արուեստագէտ-լուսանկարիչ Արա Օշական: Լսարանը, որուն մասնակցեցան տարբեր երկիրներէ 33 լսարանականներ, վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը խօսեցաւ սփիւռքի անընդհատ շարժունակութեան, տարբեր եկիրներու մէջ ապրող հայ համայնքներու ներառական դրուածքին, ցանցային փոխկապակցուածութեան եւ միաժամանակ թէ՛ դէպի ներհայեցող եւ թէ՛ դէպի դուրս բացուող հակասական շարժումին մասին:
Այս շրջածիրին մէջ ալ ան ներկայացուց նշուած վայրերու մէջ ապրող հայութեան կենցաղային, հաւաքական կեանքէն պատկերներ, որոնք կը յատկանշէին նշուած գաղափարները: Լուսանկարներու ընդմէջէն Օշական սփիւռքեան ոսպնեակով դիտած էր , ընտրած պահեր նաեւ Արցախէն եւ փորձած իրերու դրուածքը ներկայացնել փոխկապակցուած ցանցի իրականութեան մէջ:
Արա Օշական լուսանկարներու ցուցադրութեան ընթացքին հաստատեց, որ անցեալը մի՛շտ ներկայ է սփիւռքի մէջ, որ անյայտ տեղ է, ուր կը միատեղուին տարբեր մտայնութիւններ եւ մտածելակերպեր:
Երեք միջավայրերէն առնուած կենդանի, անմիջական եւ մտայնութիւն փոխանցող պահեր եւ պատկերներ կը յատկանշէին ամբողջ դասախօսութիւնը, որուն տեսագրութիւնը տեղադրուած է Ազդակի եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=tsxyxidAw-A