Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սաժատ Հայտար Խան յայտնեց, որ ներկայիս «Մեքքայի դաշինք»-ի ծիրին մէջ Սէուտական Արաբիոյ վրայ հուսիներու յարձակումներուն դէմ քայլի կամ զինուորական հակադարձութեան վերաբերեալ քննարկումներ չկան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Սէուտական Արաբիոյ վրայ հուսիներու շղթայազերծած յարձակումէն ետք Իսլամապատ ինչպէ՞ս պիտի յարգէ համաձայնագիրին հիմամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, ան ըսաւ, թէ Փաքիստանը համաձայնութեան համահունչ կերպով պիտի վարուի, «երբ ժամանակը գայ»: