«Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի բաց մրցաշարքը հասած է իր վերջին հանգրուաններուն: Քառորդ աւարտականի մրցումները վերջ գտան, եւ ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով (թիւ 50) կրցաւ 6-2, 7-5 եւ 3-2 արդիւնքով յառաջանալ թիւ 34 դասուած պելճիքացի Ալեքսանտր Պլոքսի դէմ մրցումին: Պլոքս չկրցաւ շարունակել մրցումը` վիրաւոր ըլլալով:
1 ժամ 33 վայրկեան մրցումէ ետք Խաչանով հասաւ կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի աշխարհի թիւ 2 թենիսմեն Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ, որ թիւ 1 դասուած է (Եաննիք Սինըրի բացակայութենէն ետք):
Զվերեւ 2 ժամ 18 վայրկեանի պէտք ունեցաւ դուրս ձգելու համար նետերլանտցի Պոթիք Վան Տէ Զանտսխուլփը 6-2, 7-5 եւ 6-1 արդիւնքով:
Քոռորդ աւարտականի անակնկալն էր աշխարհի թիւ 3 թենիսմեն Քարլոս Ալքարասի պարտութիւնը` Պեն Շելթընէն (թիւ 9): 4 ժամ 31 վայրկեան պայքարէ ետք, Շելթըն կրցաւ յաղթել նախկին թիւ 1 թենիսմեն Ալքարասին` 6-7, 6-1, 6-3, 1-6 եւ 7-6 (10-7) արդիւնքով:
Ամերիկացի Շելթըն կիսաւարտականին պիտի մրցի իր համերկրացի Ֆրանսիս Թիաֆոյի դէմ, որ մարաթոն մրցումէ մը ետք պարտութեան մատնեց Ալեքս Միքելսենը` 5-9, 3-6, 7-5, 6-3 եւ 7-6 (10-6) արդիւնքով (4 ժամ 41 վայրկեան):
Աղջկանց քառորդ աւարտականին, թիւ 2 թենիսվումըն Էլենա Ռիպաքինա (Ղազախստան), յաղթելէ ետք Քինուեն Ժենկին` 3-6, 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով, դարձաւ աշխարհի թիւ 1-ը` հասնելով կիսաւարտական:
Թիւ 1 Արինա Սապալենքա բաւական անկայուն տարիէ մը ետք չկրցաւ որեւէ կրան շլեմի տիտղոս շահիլ եւ նոյիսկ եթէ շահի «Եու. Էս. Օփըն»-ը, յաւելեալ կէտեր չի կրնար շահիլ` նկատի ունենալով, որ ան անցեալ տարի շահած էր այդ մրցաշարքը: Սապալենքա կիսաւարտականին պիտի մրցի թիւ 3 դասուած Ճեսիքա Փեկուլայի (Միացեալ Նահանգներ) դէմ, իսկ Ռիպաքինա` թիւ 4 դասուած Քոքօ Կաֆի (Միացեալ Նահանգներ) դէմ: