«Սէուտական Արաբիոյ Վրայ Հուսիներու Յարձակումները Կրնան Միացեալ Պաշտպանութեան Համաձայնագիրի Կիրարկման Յանգեցնել» Կ՛ըսէ Փաքիստանի Պաշտպանութեան Նախարարը

Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Խաուաժա Ասեֆ «Ճիօ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ վրայ հուսիներու յարձակումները կրնան միացեալ պաշտպանութեան համաձայնագիրի կիրարկման յանգեցնել»:

Ասեֆ աւելցուց. «Եռակողմ համաձայնագիրին հիմամբ, անոր կողմերէն ոեւէ մէկուն վրայ որեւէ յարձակում բոլորին վրայ յարձակում է»:

Leave a Comment