Ակնարկ. Չյայտարարուած Սպառնալիքի Դիմաց Եռակողմ Առանցք

Յունաստան-Կիպրոս-Եգիպտոս միջնախագահական ձեւաչափով կայացած  եռակողմ հանդիպումի օրակարգը ներառած է երեք ուղղութիւն: Ուժանիւթային համագործակցութիւն, տարածաշրջանային անվտանգութեան հզօրացում եւ Միջին Արեւելքի մէջ մագլցում արձանագրող հակամարտութիւններ:

Երեք ուղղութիւնները կը ձգուին դէպի պետութիւն մը, որ թիրախային կարգավիճակ ունի այս եռեակին համար: Խօսքը Թուրքիոյ մասին է: Առաջին ուղղութիւնը` ուժանիւթային համագործակցութիւնը անպայման կը ներառէ արեւելեան Միջերկրականի ուժանիւթային պաշարներու պեղման, ծովային գօտիներու սահմանազատման եւ արտահանման աշխատանքները, որոնց նկատմամբ մեծ ախորժակներ ունի Թուրքիան` առաւելագոյն պաշարներ ձեռք ձգելու մտադրութեամբ: Երկրորդ ուղղութիւնը տարածաշրջանի անվտանգութեան հզօրացումն է: Իսկ այստեղ եթէ նկատի ունենանք երեք երկիրներու խորացող յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ, ապա սպառնալիք պետութիւնը դարձեալ Թուրքիան է, որ կը յայտնուի իրենց առջեւ: Փակագիծ պէտք է բանալ եւ յիշել, որ Գահիրէ-Անգարա յարաբերութիւնները մեղմացումէն դէպի մերձեցում անցում կատարած են արդէն, եւ Եգիպտոս կը շարունակէ թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ՛ Թուրքիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւնները պահպանել:

Հիմա գանք երրորդ ուղղութեան` Միջին Արեւելքի մէջ մագլցում ապրող հակամարտութիւններ: Երբ յոգնակի կը ձեւակերպուին հակամարտութիւնները, կ՛ենթադրէ, որ միայն Կազայի մասին չէ ակնարկը: Փաստօրէն ներառուած է նաեւ Լիբանանը: Կազայի մասով, մարդասիրական ճգնաժամի մասին ընդգծումներ կատարելէ ետք, օժանդակութիւններու ձեռնարկումի անհրաժեշտութիւնը կը շեշտուի, մէջբերելով նախագահ Թրամփի ծրագիրը եւ ՄԱԿ-ի թիւ 2803 բանաձեւը շրջանի վերաշինութեան նպատակով: Մերժում կայ Այսրյորդանանի եւ Կազայի միջեւ աշխարհագրական կապը քանդելու ծրագիրին: Աւելի՛ն. իրավիճակի հանդարտեցումը առաջադրելով, կողմերը իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են 2 պետութիւն բանաձեւին եւ կոչ ըրած 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան պետութեան միջազգային ճանաչումին:

Երեք երկիրները, ինչպէս նշուեցաւ, խորացուցած են իրենց յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ: Վերջերս Աթէնք Թել Աւիւի հետ ծաւալային գումարներով սպառազինութեան գործարք կը կնքէր: Եռակողմի յայտարարութեան այս բաժինը Կազայի մասով թէ ընդհանրապէս պաղեստինեան հարցով դժգոհ կը ձգէ Թել Աւիւը: Համեմատաբար գոհ` Թուրքիան:

Հիմա տեսնենք երկրորդ հակամարտութեան մասին հաղորդագրութեան ներառած  բանաձեւը:  Եռեակը կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութիւնը, յարձակումներու դադրեցումը եւ իսրայէլական ուժերու հեռացումը լիբանանեան տարածքներէն: Կը շեշտուի Լիբանանի պետական հաստատութիւններու հզօրացումը, առաջնային կարգով` զինեալ ուժերը: Այս բաժինը եւս Թել Աւիւի համար ընդունելի չէ սկզբունքով:

Դիտարկելի կէտեր կան այս բոլորին մէջ: Այս եռակողմը առանց Թուրքիան մատնացոյց ընելու, ըստ էութեան Անգարայի սպառնալիքը կանխարգիլելու  կը միտի: Եգիպտոսը, որ այս պարագային առանցք է, իր յարաբերութիւնները կը շարունակէ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Իսրայէլի հետ, մինչ Կիպրոսն ու Յունաստանը աւելի անմիջականօրէն կը դիմակայեն թրքական սպառնալիքները:

Արեւելեան Միջերկրականի մէջ խաղաթուղթերը բաւական խառն են: Իսրայէլի հետ դաշինքներ, գործարքներ, միւս կողմէ թրքական սպառնալիքներու կանխարգիլման միտուած ռազմավարական նոր համագործակցութիւններ:

Համացանցային լրատուութեան մէջ չհանդիպեցանք Անգարայի արձագանգին: Այս հանգամանքներով ալ պէտք է բացատրել Անգարայի մինչայժմեան լռութիւնը եռակողմ այս հանդիպումին դիմաց: Անգարան գոհ պէտք է ըլլայ հաղորդագրութեան վերը նշուած բաժիններէն: Դժգոհ` թէկուզ չյայտարարուած, այնուամենայնիւ յստակ սպառնալիքի դիմաց կազմուող եռակողմ առանցքէն:

 

«Ա.»

Leave a Comment