Պերլինի մէջ հազարաւոր մարդիկ բողոքի ցոյց կատարած են ծայրայեղ աջ «Այլընտրանք Գերմանիոյ ահմար» կուսակցութեան դէմ` Սաքսոնիա-Անհալթի մէջ շրջանային ընտրութիւններուն մէջ անոր արձանագրած յաղթանակէն ետք:
Ցուցարարները հաւաքուած են Պրանտենպուրկեան դարպասներուն մօտ:
Պերլինի ոստիկանութեան գնահատումով` ցոյցին մասնակցած է շուրջ հինգ հազար մարդ, մինչդեռ կազմակերպիչներէն «Քամփաքթ»-ը մասնակիցներու թիւը 14 հազար գնահատած է:
«Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութիւնը արեւելեան Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասին մէջ ստացած էր քուէներուն շուրջ 44 առ հարիւրը` յառաջ անցնելով Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութենէն:
Շուրջ 2,1 միլիոն բնակիչ ունեցող երկրամասին մէջ կ՛ապրի Գերմանիոյ բնակչութեան շուրջ 2,5 առ հարիւրը:
Մերց յայտարարած է, թէ ընտրութիւններու արդիւնքներէն «խորապէս ցնցուած է», սակայն խոստացած է շարունակել իր կառավարութեան նախատեսած բարեփոխումները:
Գերմանիոյ մէջ երկու այլ շրջաններու` Պերլինի եւ Մեքլենպուրկ-Առաջաւոր Փոմերանիոյ մէջ ընտրութիւն կը սպասուի 20 սեպտեմբերին:
Սաքսոնիա-Անհալթի մէջ «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութեան յաղթանակին տարբեր արձագանգներ հնչած են նաեւ Գերմանիոյ սահմաններէն դուրս: Կուսակցութեան յաջողութիւնը ողջունած է, մասնաւորաբար, Իլոն Մասքը: