Իսլանտայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` կղզին Միացեալ Նահանգներու մաս ներկայացնող քարտէս մը հրապարակելէն ետք իր մօտ կանչած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանը: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:
Նախարարութիւնը յայտնեց. «Արտաքին գործոց նախարար Թորկերտուր Կուննարստոթթիր երէկ իր մօտ կանչեց ամերիկացի դեսպանը` անոր փոխանցելու համար յստակ պատգամ մը, թէ լուսանկարը բացարձակապէս անպատշաճ է»:
Թրամփ երկուշաբթի օր ընկերային ցանցերու ճամբով հրապարակած էր լուսանկար մը քարտէսի, ուր Քանատան, Կրինլանտը, Մեքսիքան եւ Իսլանտան ներկուած էին ամերիկեան դրօշի գոյներով: