Փեսքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղութեան Հասնելու»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, թէ Ռուսիան պատրաստ է Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հասնելու, եւ ատիկա կախեալ է Քիեւէն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Ճակատին վրայ տիրող թափի մասին յայտնի է բոլոր փորձագէտներուն` մենք յառաջ կը շարժինք: Սակայն ամէն վայրկեան պատրաստ ենք խաղաղութեան հասնելու: Ատիկա կախեալ է Քիեւէն: Այս է իրականութիւնը», ըսած է Փեսքով` ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովի նախօրեակին լրագրողներու համար «Սփութնիք»-ի կազմակերպած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Մենք վստահ ենք, որ յաղթանակը մօտ է: Մենք շատ վստահ ենք մեր զինուորական ներուժին, մեր զինուորական գործողութիւններուն, ատոնք շատ յաջող կ՛ընթանան», յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբերը:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, պատասխանելով ամերիկացի վերլուծաբան Էնտրիւ Նափոլիթանոյի հարցումին, յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները կը ճանչնան ուքրանական կարգաւորման հիմնարար հարցերը եւ կը փորձեն անոնց շուրջ օգտակար ըլլալ, ատիկա աջակցութեան արժանի է:

«Այն, որ ամերիկացիները մեզի հետ իրենց բոլոր հաղորդակցութիւններուն ընթացքին նախ եւ առաջ նախագահ Փութինի հետ հաղորդակցութիւններուն մէջ կը մեկնին այս իրողութիւններէն, մեր մօտ թէ՛ դրական արձագանգ կը յառաջացնէ, թէ՛ անոնց հետ խօսակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւն: Անոնք կը ճանչնան այս հիմնարար հարցերը եւ անոնց շուրջ կը փորձեն օգտակար ըլլալ: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա աջակցութեան արժանի է», ըսած է Լաւրով:

Նշենք, որ ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 12-13 սեպտեմբերին, Նիւ Տելհիի մէջ:

 

Leave a Comment