Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Ամերիկան ձմրան ընթացքին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ մագլցումի մեղմացումը եւ խաղաղութեան բանակցութիւններու շարունակութիւնը կը քննարկէ»:
«Ամերիկեան-ուքրանական-ռուսական եռակողմ բանակցութիւններու գումարման կարելիութիւնը կայ, սակայն տակաւին որոշում չտրուեցաւ», նշեց Զելենսքի:
«Ուքրանիան իր կարելի զիջումները կատարեց, եւ դիւանագիտական որեւէ հոլովոյթ կարիքը ունի ապահովական երաշխիքներու եւ տնտեսական աջակցութեան: (Ամերիկացի պատուիրակներ) Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների այցելութենէն ինչ որ հասկցանք այն է, թէ (Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր) Փութինը պատրաստ է բանակցութիւնները յառաջ մղելու գաղափարներու քննարկման»:
Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատայի պատգամաւոր Աննա Սքորոխոտի համաձայն, ամերիկացի պատուիրակները Քիեւ բերած են խաղաղութեան համաձայնագիրի աւելի վատ պայմաններ, քան ինչ որ նախապէս Ուքրանիոյ կ՛առաջարկուէր: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Անոնք եկած են աւելի վատ պայմաններով, քան ինչ որ մենք նախապէս ունէինք: Աւելի վատ պայմաններ բերած են. եթէ նախապէս չէին պահանջեր սահմանադրական փոփոխութիւններ ու տարածքներու ճանաչում, ապա այժմ պահանջած են: Այնտեղ կան նաեւ շարք մը նրբութիւններ, զորս չեմ ուզեր հնչեցնել, որովհետեւ տեղեկութիւնը ստացուած է ոչ պաշտօնական աղբիւրներէ», ըսած է ան ուքրանացի լրագրող Վիթալի Տիքոյի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Աքսիոս» նախապէս, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, հաղորդած էր, թէ ամերիկացի բանագնացներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները, Վոլոտիմիր Զելենսքիին յայտնած են, որ կ՛ուզեն մինչեւ ձմեռ Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններուն մէջ բեկումի հասնիլ:
Յիշեցնենք, որ Ուիթքոֆն ու Քուշները 5 սեպտեմբերին եղած են Մոսկուա, ուր զանոնք ընդունած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Յաջորդ օրը անոնք Քիեւի մէջ հանդիպում ունեցած էին Զելենսքիի հետ:
Ուիթքոֆ յայտարարեց. «Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները միացան Քիեւի բանակցութիւններուն»:
Քրեմլին, սակայն, նշեց. «Ուքրանիոյ բանակցութիւններուն Եւրոպայի մասնակցութիւնը կրնայ զանոնք բարդացնել»: