Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական համագործակցութեան առնչուած շարք մը արդիական հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւը քննարկած են առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական համագործակցութեան առնչուած շարք մը արդիական հարցեր», կը նշուի Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: