Քաց. «Նեթանիահուի Հետ Բանակին Ցուցմունք Տուինք Այսրյորդանանի Մէջ «Ահաբեկչութեան» Դէմ Համապարփակ Պատերազմի Պատրաստուելու»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ միատեղ իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուած է Այսրյորդանանի մէջ «ահաբեկչութեան դէմ համապարփակ պատերազմի» պատրաստուելու: Այս մասին հաղորդեց Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը:

Քաց ըսաւ, որ Իսրայէլ «Պաղեստինեան իշխանութեան դէմ համապարփակ պատերազմի» պիտի սկսի, եթէ հաստատուի, որ 7 հոկտեմբերի յարձակումին նման յարձակումի մը շղթայազերծման կը պատրաստուի:

«Այսրյորդանանի մէջ տարիներու վրայ երկարող ինթիֆատա պիտի չարտօնենք, եւ աշխատանք պիտի տանինք ճակատումը արագ ու ամբողջական կերպով վճռելու», նշեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը գրեց. «Պաղեստինեան ընտրութիւններու կայացման հաւանականութիւնը չնչին է, որովհետեւ Իսրայէլ կը յուսայ, որ Համասը Այսրյորդանանի եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ իշխանութեան դիրքերու վրայ չյայտնուի»:

Leave a Comment