Գերմանիոյ Մէջ Ծայրայեղ Աջերը Յաղթած Են Երկրամասային Ընտրութիւններուն

Գերմանիոյ արեւելեան Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասին մէջ ծայրայեղ աջ «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութիւնը համոզիչ յաղթանակ արձանագրած է ընտրութիւններուն, սակայն չէ ստացած առանձին կառավարութիւն ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը:

Ընտրութիւններու վերջնական տուեալներով` «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 43,8 առ հարիւրը` գրեթէ կրկնապատկելով հինգ տարի առաջ ստացած արդիւնքը: Երկրամասային խորհրդարանին մէջ կուսակցութիւնը պիտի ունենայ 83 աթոռներէն 39-ը. մեծամասնութիւն ունենալու համար անոր յաւելեալ երեք աթոռ պէտք էր:

Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւնը ծանր պարտութիւն կրած է` ստանալով քուէներու ընդամէնը 17,2 առ հարիւրը եւ կորսնցնելով նախորդ ընտրութիւններուն համեմատ իր աջակցութեան շուրջ կէսը: Ընկերվար-ժողովրդավարները ստացած են 9,3 առ հարիւր, Կանաչները` 8,9 առ հարիւր, իսկ Ձախ կուսակցութիւնը` 8,6 առ հարիւր:

«Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Ուլրիխ Զիկմունտ յայտարարած է, թէ կուսակցութիւնը «պատմութիւն կերտած է»:

«Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութիւնը կը ձգտէր ընտրութիւններուն բացարձակ մեծամասնութիւն ստանալ եւ առանձին կառավարութիւն ձեւաւորել` դառնալով Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Գերմանիոյ մէջ երկրամասային իշխանութիւն գլխաւորող առաջին ծայրայեղ աջ ուժը: Սակայն կուսակցութեան քանի մը աթոռ պակսեցաւ բացարձակ մեծամասնութիւն կազմելու համար:

Միւս հիմնական կուսակցութիւնները մինչեւ հիմա հրաժարած են «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութեան հետ գործակցելէ: Քրիստոնեայ-ժողովրդավարները ընտրութիւններէն ետք եւս յայտարարած են, որ չեն պատրաստուիր փոխել այդ դիրքորոշումը:

Այս պայմաններուն մէջ տակաւին յստակ չէ, թէ Սաքսոնիա-Անհալթի մէջ ուժերը պիտի կարենա՞ն կայուն կառավարութիւն ձեւաւորել:

Ընտրութիւններու մասնակցութեան համեմատութիւնը մրցանշային 76,5 առ հարիւր եղած է:

Leave a Comment