Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Արաբական լիկայի խորհուրդի նախարարական մակարդակով նիստին ուղարկած է Լիբանանի Հանրապետութեան հետ համերաշխութեան մասին բանաձեւի նախագիծ մը, որ կը ներառէ երեք կէտեր, որոնք կը բովանդակեն շրջանի արաբական երկիրներուն համոզել վերաբանալ Լիբանանի ներքին ճգնաժամային իրավիճակի վէրքերը, աջակցիլ սիոնական թշնամիի նկատմամբ կողմնակալութեան քաղաքականութեան եւ հաւանութիւն տալ Թաէֆի համաձայնագիրի կէտերը չեղարկող տրամադրութիւններուն` թէ՛ ազգային փոխըմբռնումը խաթարելու եւ երկրի բոլոր բաղադրիչները չպահպանելու, թէ՛ Լիբանանի սիոնական բռնագրաւումին դէմ դիմադրութեան օրինական գործողութիւնները արգիլելու եւ Լիբանանի, արաբական ու իսլամական աշխարհի մէջ հպարտութեան ու արժանապատուութեան դրօշը բարձրացուցած պատուաւոր դիմադրութեան մարտիկները դատապարտելու առումով»:
«Մինչ մենք կը դատապարտենք Լիբանանի ներկայ բարեփոխումներու եւ փրկութեան կառավարութեան կից արտաքին գործոց նախարարութեան բանաձեւի նախագիծի 2-րդ, 3-րդ եւ 5-րդ կէտերու բովանդակութիւնը, որ ներկայացուած է ձեզի համերաշխութեան համար, մենք Արաբական լիկայի նախարարաց խորհուրդի անդամ պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` զգօն ըլլալու եւ վերապահումներ յայտնելու իրենց ներկայացուած լիբանանեան նախագիծին վերաբերեալ` խուսափելու համար Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին վերաբերեալ Արաբական լիկայի կողմէ 1989 թուականէն ի վեր որդեգրուած կեցուածքները չեղեալ նկատելու թակարդը իյնալէ», կը նշէ երեսփոխանը:
«Հըզպալլայի անունով մեր կտրուկ մերժումը կը յայտարարենք ձեր նախարարական խորհուրդին առաջարկուած սադրանքի ծրագիրին եւ կը հաստատենք անոր կասկածելի բովանդակութիւնը, որ կը վնասէ Արաբական լիկայի սկզբունքներուն, անոր ուխտին ու դերակատարութեան», յայտարարեց Մուսաուի: