Պարրաք. «Սուէյտայի Մէջ Յառաջընթացի Միակ Ուղին Տեղահանուածներուն Վերադարձն Ու Վերաշինութիւնը Արտօնող Երկխօսութիւնն Է»

Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք նշեց. «Դժգոհ ենք Սուրիոյ հարաւը գտնուող Սուէյտայի մէջ մագլցումի վերսկսումէն»:

«Սուէյտայի մէջ յառաջընթացի միակ ուղին տեղահանուածներուն վերադարձն ու վերաշինութիւնը արտօնող երկխօսութիւնն է», նշեց Պարրաք:

«Սուէյտայի մէջ բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի եւ լուրջ երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղենք», աւելցուց ամերիկացի պատուիրակը:

Leave a Comment