«ՕԹԱՆ-ի Դաշինքը Իր Անդամներուն Դէմ «Խառնածին» Որեւէ Արարք Պիտի Չհանդուրժէ» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մաթիու Ուիթեքըր յայտնեց, որ դաշինքի անդամ պետութիւնները պէտք չէ հանդուրժեն այն արարքները, որոնք «խառնածին պատերազմի» ծիրին մէջ են:

Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները այդպիսի արարքներու դիմակայման մէջ իրենց դաշնակիցներուն կողքին պիտի կանգնին:

Ուիթեքըր նշեց, թէ Գերմանիոյ Լայփցիկ օդակայանին վրայ անցեալ ամիս տեղի ունեցած անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումի փորձը, որուն համար Գերմանիան Ռուսիան պատասխանատու նկատեց, ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններուն մէջ վերջերս Ուքրանիան թիրախաւորող, սակայն իրենց ուղիէն շեղած ռուսական անօդաչու թռչող սարքերու առնչուած դէպքերէն աւելի մեծ մտահոգութիւն կը պատճառեն:

Leave a Comment