Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Արեւմուտքի Գերմանիոյ Լայփցիկ օդակայանին մէջ անօդաչու թռչող սարքի դէպքի մեղսակցութեան համար Մոսկուային ուղղած ամբաստանութիւնը «ընդհանուր առմամբ, իսկական պատերազմի սկիզբ է»:
Լաւրով Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրետրիխ Մերցին ակնարկելով ըսաւ. «Մերցի Գերմանիան Եւրոպայի մէջ անգամ մը եւս առաջնակարգ զինուորական ուժը դարձնելու վերաբերեալ այս բոլոր խօսքերը գետնի վրայ կը կիրարկուին: Ատիկա, գործնականին մէջ, մեր դէմ պատերազմի յայտարարութիւն է»:
Գերմանական կառավարութիւնը 1 սեպտեմբերին եզրակացուցած էր, թէ Ռուսիան պատասխանատու է անցեալ ամիս Լայփցիկ-Հալէ օդակայանի անօդաչու թռչող սարքով թիրախաւորման փորձին համար, եւ հրամայեց ատոր հակադարձելու համար որդեգրել շարք մը քայլեր, որոնց շարքին` Պերլինի մէջ ռուսական մշակութային կեդրոնի փակումը:
Ռուսիան մերժեց գերմանական մեղադրանքները եւ զանոնք նկատեց անհիմն` Պերլինը ամբաստանելով Ռուսիան դէպքին մեղսակից դարձնելու համար կեղծ փաստեր հնարելու յանցանքով: