Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան հաստատութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած Կազայի վերաբերեալ դասաւորումներու գործադրութեան հսկողութեան Խաղաղութեան խորհուրդին միջեւ վստահութեան տագնապը կ՛աճի` նշելով, որ իսրայէլացի զինուորական ու քաղաքային պաշտօնատարներ կը մերժեն խորհուրդին հետ գործակցիլ եւ ունին այն կարծիքը, թէ խորհուրդը զիրենք լքած է:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Հաարեց»-ին ըսած է, թէ իսրայէլեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն եւ անվտանգութեան նախարարութենէն պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան բանակի հարաւային շրջանի հրամանատարութենէն սպաներ մերժած են խորհուրդին հետ գործակցիլ: Անոնցմէ ոմանք ըսած են. «Ձեզի հետ պիտի չաշխատինք, որովհետեւ մեզ լքեցիք»:
Իսրայէլեան օրաթերթին համաձայն, այս դիրքորոշումը կ՛արտացոլէ երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ հիասթափութիւնը` Կազայի ծրագիրի յաջորդ փուլերուն անցնելու վերաբերեալ աճող անհամաձայնութիւններու լոյսին տակ, մասնաւորաբար` Համասի զինաթափման եւ Իսրայէլի հեռացման միջեւ եղած կապի, ինչպէս նաեւ կայունութեան միջազգային ուժեր մտցնելու եւ անցակէտները բանալու գործիքակազմին շուրջ:
Ըստ աղբիւրներու, իսրայէլեան ծայրայեղական ուղղուածութիւնը քաղաքական բարձր մակարդակներու վրայ, նախ եւ առաջ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութեան աջակցութիւնը կը վայելէ, մինչ իսրայէլեան ընտրութիւններու թուականը կը մօտենայ եւ Համասի ամբողջական զինաթափումէն առաջ Կազայի մէջ որեւէ հեռացումի վերաբերեալ քաղաքական զգայնութիւնը կը բարձրանայ:
«Հաարեց» նաեւ կը խօսի Նեթանիահուի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան մասին:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը օրաթերթին ըսած է, թէ անոնց միջեւ յարաբերութիւնը չափազանց լարուած դարձած է, եւ նախկին փուլերուն գոյութիւն ունեցած փոխըմբռնման մթնոլորտէն մեծ բաժին մը փոփոխութեան ենթարկուած է: