Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը պիտի շարունակէ վնասազերծել եւ քանդել Ալի Թահեր բարձունքներուն վրայ փապուղիները` ամրապնդելով բարձունքներուն վրայ իր մարտավարական տեղակայումը` Հըզպալլայի շրջանին մէջ վերատեղակայումը արգիլելու համար:
Քաց նշեց, որ Ալի Թահեր բարձունքներուն վրայ վերահսկողութիւնը կու գայ ամրապնդելու հարաւային Լիբանանի մէջ «ապահովական շրջան»-ին վրայ իսրայէլեան վերահսկողութիւնը:
Ան շեշտեց, որ Իսրայէլ ամբողջ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինաթափումէն առաջ շրջանէն պիտի չհեռանայ: