Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Նահատակներու Յիշատակին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` «Գերիշխանութեան Արշալոյսը» Խորագիրով

Երէկ Մաարապի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նահատակներու տարեկան հոգեհանգստեան արարողութիւնը` «Գերիշխանութեան արշալոյսը» խորագիրին ներքեւ:

Հոգեհանգստեան արարողութեան առընթեր տեղի ունեցած յիշատակի երեկոյին ընթացքին, կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ խօսք արտասանելով ըսաւ, որ ներկայիս անհրաժեշտ կարիքը կայ պետութեան մը, որ կ՛իշխէ: Ան մերժեց այն երեւոյթը, որ փոքր պետութիւնը Լիբանանը մխրճէ ուրիշներու պատերազմին մէջ եւ Իրանը պաշտպանէ անոր հաշուոյն:

Ժահժահ իր խօսքի ընթացքին նշեց, որ բանակին եւ ապահովական ուժերուն պարտականութիւնն է սահմաններու պաշտպանութիւնը: «Ի պահանջել հարկին, մէկ վայրկեան իսկ պիտի չուշանանք լիբանանեան բոլոր հողերը պաշտպանելու», յայտնեց Սամիր Ժահժահ:

Իր խօսքը Պեքայի բնակիչներուն ուղղելով Ժահժահ ըսաւ, որ ոմանք կը փորձեն վախցնել սուրիական ներխուժումի հաւանականութեամբ: «Ասիկա անկարելի է, որովհետեւ Սուրիոյ նոր պետութեան բառարանին մէջ նման բան չկայ», նկատել տուաւ Ժահժահ:

Ժահժահ նաեւ ըսաւ, որ եթէ Հըզպալլան չնախաձեռնէ իր զինուորական եւ ապահովական թեւերու լուծարման, ապա պետութեան պատասխանատուները իրենք պէտք է ձեռնարկեն այս կացութեան վերջ տալու:

Leave a Comment