Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հեռաձայնեց Նապաթիէի քաղաքապետ Ապպաս Ֆախրէտտինին` ժողովուրդին ապահովութեան մասին հարցնելու եւ երէկ արշալոյսին քաղաքը թիրախաւորած իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառած վնասներու տարողութիւնը իմանալու համար:
«Այս յարձակումները կառավարութիւնը ժողովուրդի վերադարձին ու անսասանութեան աջակցելէ, պետական հաստատութիւններու աշխատանքի շարունակման ու քաղաքացիներու կարիքներու բաւարարման համար անհրաժեշտ ամէն բան տրամադրելէ ետ պիտի չկանգնեցնեն», յայտարարեց վարչապետը:
Ան նաեւ հեռաձայնեց Նապաթիէ քաղաքի իմամ շէյխ Ապտելհուսէյն Սատեքին` զօրակցութիւն յայտնելով քաղաքի բնակչութեան, ցաւակցելով զոհերու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն շուտափոյթ դարմանում մաղթելով:
Սալամ նաեւ հեռաձայնեց ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերին` տեղեկանալու համար Նապաթիէի մէջ ելեւմուտքի նախարարութեան շէնքի վնասներու տարողութեան մասին:
Ան բարձր գնահատեց նախարարի «ջանքերն ու արագ քայլերը` աշխատանքի շարունակականութիւնը ապահովելու, քաղաքացիներու շահերը պաշտպանելու եւ անոնց գործարքներու խափանումը կանխարգիլելու համար անհրաժեշտ քայլերը ձեռնարկելու ուղղութեամբ»: