Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեկտրական շարժակներու կացութեան, մասնաւորաբար հաշուեցոյցի գիներու բարձրացման եւ խախտումներու զսպումը խստացնելու վերաբերեալ ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամեր Պսաթը, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Սըտին, վճռաբեկ դատարանի ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Ահմետ Ռամի Հաժը, պետական անվտանգութեան ծառայութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Էտկար Լաուանտոսը, տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ գնդապետ-զօրավար Մահմուտ Քուպրուսլին, Պէյրութի ոստիկանապետ գնդապետ-զօրավար Իմատ Ժամալը, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ապու Հայտարը եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքէն հազարապետ Ռամի Շըքէյրը:
Առեւտուրի նախարար Պսաթ ժողովէն ետք կարդաց վարչապետի հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կը նշէր. «Թրիփոլիի եւ Մինայի մէջ խախտումներու նկատմամբ յստակ բնորդ որդեգրեցինք` տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան, անվտանգութեան ծառայութիւններու, տեղական իշխանութիւններու եւ դատական համակարգին միջեւ համագործակցութեան ճամբով, ուր ներկայացուած են հաղորդումներ եւ քայլեր ձեռնարկուած խախտողներուն դէմ, եւ հարցը հասած է, օրէնքի համաձայն, ելեկտրածին շարժակներու բռնագրաւման եւ զանոնք տեղական իշխանութիւններուն յանձնման` քաղաքացիներուն համար ծառայութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար»:
«Այսօր որոշեցինք այս մեքանիզմը տարածել լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ», յայտարարեց Սալամ` ընդգծելով. «Վճարումի պաշտօնական գինը առաջարկ մը չէ, եւ հաշուիչ մեքենաներու նկատամբ յանձնառութիւնը ընտրանք չէ: Ոչ ոք իրաւունք ունի քաղաքացիին հաշուոյն վճարումներ աւելցնելու` առանց անոր համաձայնութեան»:
«Մենք գիտենք, որ ծախսերու իրական ու արդարացուած աճ կայ, սակայն նաեւ գիտենք, որ կան գինի բարձրացումներ, որոնք արդարանալի չեն», նշեց վարչապետը: