Հաքըպի. «Իսրայէլ-Լիբանան Բանակցութիւնները Պատմական Են»

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դժգոհ էր «իրանցիներու յամառութենէն»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը:

Հաքըպի Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները որակեց «պատմական»` նշելով, որ երկու կողմերը այսօր նոյն սենեակը կը նստին` քննարկելու համար յառաջ ընթանալու ձեւը:

«Յառաջ ընթանալու ձեւին եւ Հըզպալլան պատկերէն դուրս բերելու մասին կը խօսինք, որպէսզի խաղաղութիւն ըլլայ», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

 

Leave a Comment