Աուն. «Շնորհակալութիւն Կը Յայտնենք Միացեալ Նահանգներուն Իսրայէլի Մէջ Կալանաւորուածներու Առաջին Խումբի Ազատ Արձակումը Ապահովելու Ջանքերուն Համար»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց իսրայէլեան կառավարութեան կողմէ կալանաւորուած լիբանանցիներու առաջին խումբի ազատ արձակման համար բոլոր աշխատանք եւ ջանք թափածներուն, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներուն եւ միջազգային կողմերուն, նախ եւ առաջ Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէին:

«Այս առաջին քայլը կը վերահաստատէ լիբանանեան անսասան դիրքորոշման վաւերականութիւնը` բոլոր երեւոյթներով, եւ կ՛ընդգծէ կարեւորութիւնը կատարելու եռակողմ շրջագիծին մէջ ամրագրուած անհրաժեշտ քայլերը, որոնք, ի վերջոյ, պիտի յանգեցնեն Լիբանանի լիակատար գերիշխանութեան վերականգնման` առանց մեր հողի նոյնիսկ մէկ թիզը զիջելու կամ մեր ժողովուրդէն մարդ մը պակսեցնելու», նշեց ան:

Նախագահ Աուն շնորհաւորեց ազատագրուած գերիները, անոնց ընտանիքներն ու հարազատները` վերահաստատելով ազգային պահանջներու եւ նպատակներու ամբողջական իրագործման համար պայքարը շարունակելու խոստումը:

«Թող բոլոր լիբանանցիները արժանապատուութեամբ ապրին ազատ հայրենիքի մը մէջ, որուն հողին վրայ միայն անոր օրինական ուժերուն զէնքը կայ, եւ անոր զաւակներուն վրայ գերիշխանութիւնը միայն կը պատկանի անոնց պաշտպան, երաշխաւոր, կարող ու արդար պետութեան», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը:

 

 

Leave a Comment