Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանի դէմ նոր արշաւը երկար պիտի չտեւէ, սակայն աւելցուց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է այլ յարձակում շղթայազերծելու:
Ըստ անոր, Իրան կը փորձէր ականներ նետող հրթիռներ արտադրել, եւ իրենք այդ փորձը ձախողեցուցած են:
«Իսրայէլ Իրանի հետ պատերազմի վերսկսումէն պէտք չէ մտահոգուի: Ես եմ նախագահը եւ ես Իսրայէլին հոգ պիտի տանիմ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահին համաձայն, իր երկիրը կը շարունակէ քարիւղի միլիոնաւոր տակառներով բեռցուած նաւեր օրական կերպով Հորմուզի ճամբով դուրս բերել` «շատ պարագաներու առանց խնդիրներու»:
Թրամփ աւելի ուշ ալ յայտարարեց. «Իրանի հետ լաւ արդիւնքներ ձեռք կը բերենք: Ներկայիս Հորմուզի նեղուցին կը վերահսկենք, եւ պիտի շարունակենք աշխատանք տանիլ կացութիւնը այսպէս պահելու»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած են. «Թրամփ իր աւագ օգնականներուն հետ Իրանի դէմ պատերազմի աւարտը յայտարարելու կարելիութեան քննարկման յատուկ նիստեր կը գումարէ»:
«Թրամփ իր աւագ օգնականներուն հետ քննարկումներուն ընթացքին իր զօրակցութիւնը յայտնեց Իրանի դէմ պատերազմին վերջ տալու գաղափարին», աւելցուցած են պաշտօնատարները:
Ամերիկեան օրաթերթը նաեւ լաւատեղեակ աղբիւրներ մէջբերելով հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ ամերիկեան ուժերու Միջին Արեւելքի մէջ տեղակայումը երկարաձգած է մինչեւ 2027 թուական: