Հզօր Լիբանան Երեսփոխանական Պլոքը Պըրրիէն Կառավարութեան Հարցապնդման Նիստ Կը Պահանջէ

Հզօր Լիբանան երեսփոխանական պլոքը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն պահանջեց գումարել նիստ մը` յատկացուած կառավարութեան հարցապնդման եւ զայն պատասխանատուութեան ենթարկելուն` անոր գործունէութեան, նախարարական ծրագիրի նկատմամբ իր յանձնառութեան տարողութեան, ինչպէս նաեւ ձեռնարկուած կամ չձեռնարկուած քայլերուն վերաբերեալ շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ` սուրիացի գաղթականներու, ուժանիւթի, պահ դրուած գումարներու, զէնքի, պաշտպանական քաղաքականութեան, դատական անկախութեան, ապակեդրոնացման եւ վարչական նշանակումներու մասին:

Պլոքի անդամ երեսփոխաններու ձեռագիր դիմումը հիմնուած էր խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 131-րդ եւ 136-րդ յօդուածներուն վրայ` իբրեւ խորհրդարանի վերահսկողութեան դերի կեանքի կոչման եւ կառավարութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկելու այն թղթածրարներուն համար, որոնց մասին, երեսփոխաններուն համաձայն, տակաւին յստակ ու բաւարար պատասխաններ չեն ստացած:

Երեսփոխանները իրենց նամակին մէջ նշած են, որ կառավարութիւնը իրենց նախապէս ներկայացուցած խորհրդարանական հարցումներու մեծ մասին չէ պատասխանած, հակառակ անոր որ անոնք վերածուած են հարցաքննութիւններու, իսկ այլ թղթածրարներու մէջ կառավարութեան պատասխանները, ըստ հարցումի բնագիրին, կը ներառէին «անբաւարար կամ հակասական» տուեալներ կամ ուղղակիօրէն չէին պատասխաներ արծարծուած հարցերուն:

 

 

Leave a Comment