Աղբիւրներ սէուտական «Հատաս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ քաղաքական բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Հռոմի մէջ, իսկ զինուորական բանակցութիւնները` Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Թամփա քաղաքին մէջ»:
Ամերիկեան աղբիւրներ պատկերասփիւռի կայանին ըսած են. «Իսրայէլ հարաւային Լիբանանէն որեւէ նոր նահանջ կը մերժէ, նախքան բնորդային շրջաններու աշխատանքի ամբողջացումը»:
«Լիբանան ամերիկացիներուն կը վստահեցնէ, թէ առանց յայտարարելու կը կատարէ փորձնական շրջաններուն մէջ իր պարտաւորութիւնները», աւելցուցած են աղբիւրները:
«Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա բոլոր կողմերուն մօտ միջնորդի դեր կը կատարէ, եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կոչ ուղղեց` Նապաթիէ գաւառին մէջ Ալի Թահեր բլուրը յանձնելու», ըսած են աղբիւրները:
«Լիբանան եւ Իսրայէլ պաշտօնապէս 1980-ական թուականներէն անհետ կորսուած հրեաներու ճակատագիրը կը քննարկեն», նշած են ամերիկեան աղբիւրները: