Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Նետերլանտներու արտաքին առեւտուրի եւ բարգաւաճման գործակցութեան նախարար Սիորտ Սիորտսմանը եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական ու ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի եւ Նետերլանտներու միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները:
«Իսրայէլ կը շարունակէ Ուաշինկթընի մէջ լիբանանեան-ամերիկեան-իսրայէլեան բանակցութիւններուն ընթացքին գոյացած շրջագծային համաձայնութիւնը խախտել` շարունակելով ռմբակոծումը եւ իր բռնագրաւած հարաւային գիւղերու քանդումը, տուներու եւ կալուածներու հողի հաւասարեցումը», ըսաւ ան:
«Հարաւային Լիբանանի վերաշինութիւնը պետութեան պատասխանատուութիւնն է, սակայն ատիկա չի կրնար տեղի ունենալ, մինչ իսրայէլեան բռնագրաւումը կը շարունակուի», յայտնեց Աուն:
«Լիբանան կառչած կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի հարաւային Լիբանանի մէջ մնալուն, նկատի ունենալով անոր կատարած կարեւոր դերակատարութիւնը: Եթէ երկարաձգումը կարելի չըլլայ, Լիբանանը կ՛ողջունէ եղբայրական կամ բարեկամ որեւէ պետութիւն, որ կը փափաքի շարունակել ՖԻՆԻՒԼ-ի աշխատանքը, մասնաւորաբար բանակին եւ հարաւցիներուն մարդասիրական, ընկերային, առողջապահութեան եւ կրթական ոլորտներուն մէջ աջակցութեան տրամադրումով, եւ հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` այդպիսի միջազգային ներկայութեան մը իրաւական տարազը գտնելու», նշեց հանրապետութեան նախագահը: